2016-11-28 10:51:00

Ռայի Պատրիարքի կոչը` շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Մարսէյի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենք կ՛աղօթեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար, ինչպէս նաեւ կ՛աղօթեն, որպէսզի Պաղեստինեան հողերուն, Իրաքի, Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ պատերազմները վերջ գտնեն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց տալու քաղաքական որոշում մը, որուն լոյսին տակ կարելի կ՛ըլլայ շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել:

Ան միջազգային ընտանիքէն պահանջեց օժանդակել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու հոլովոյթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.